Մարզական

Ուորպարթըն`. Ռէյնճըրզի Առաջին Անգլիացի Մարզիչը

Մարք Ուորպարթըն Պրենթֆորտի նախկին մարզիչ Մարք Ուորպարթըն հանդիսացաւ առաջին անգլիացին, որ նշանակուեցաւ Ռէյնճըրզի մարզիչ` երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով 54 անգամ Սկովտիոյ ախոյեան հանդիսացած խումբին: Նշենք, որ 52 տարեկան Մարք Ուորպարթըն փոխարինեց Սթիւըրթ Մաքոլի, որ նախորդ տարեշրջանին աւարտին չյաջողեցաւ իր խումբը բարձրացնել բարձրագոյն դասակարգ:

Աղջկանց Մոնտիալ. Հարաւային Քորէայի Խմբապետը Շատ Հաւանաբար Արական Սեռի Ըլլայ

«Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը հաղորդէ, որ կասկածներ կան, որ հարաւային Քորէայի աղջկանց ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետը` Փաք Եուն Մոն, արական սեռի ըլլայ: Նմանօրինակ կասկած մը կար 2013-ին, երբ 6 խումբեր պահանջած էին, որ ան քննութիւններու ենթարկուի:

«Քոփա Ամերիքա». Վիրաւոր Մարքեզ Երկու Մրցումով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Մեքսիքայի կեդրոնի յետսապահ Ռաֆայէլ Մարքեզ, որ Պոլիվիոյ դէմ տեղի ունեցած «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքի մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ, երկու մրցումով պիտի բացակայի, յայտնեց Մեքսիքայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը: Նշենք, որ երէկ ան առաջին մրցումին (Չիլիի դէմ) արդէն իսկ բացակայեցաւ: 36 տարեկան Մարքեզ վերջին 4 մոնտիալներուն եղած է Մեքսիքայի ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետը: Նշենք, որ Մեքսիքա եւ Ժամայքա Հարաւային Ամերիկայի այս մրցաշարքին` «Քոփա-Ամերիքա»-ին կը...

Ֆինլանտա Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Ֆինլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Միքսու Փաաթելայնեն (48 տարեկան) պաշտօնանկ եղաւ` նկատի ունենալով, որ խումբը կրեց իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը` Եուրօ-2016-ի զտումի մրցաշարքին գծով: Ան իր պաշտօնը ստանձնեց 2011-ին: Իբրեւ մարզիկ ան Ֆինլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբէն բացի մաս կազմած է Քիլմառնոքի, Պոլթընի եւ այլ ակումբներու: Ֆինլանտա, որ ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր...

2018-ի Մոնտիալ.  Այսօր` Լաոս – Լիբանան

2018-ի Մոնտիալ. Այսօր` Լաոս – Լիբանան

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը այսօր` երեքշաբթի, 16 յունիսին, կը կատարէ 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին իր երկրորդ մրցումը, երբ հիւրը ըլլայ Լաոսի: Ինչպէս ծանօթ է, իր կատարած առաջին մրցումին Լիբանան իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Քուէյթէն` 1-0 արդիւնքով: Այդ մրցումէն օր մը ետք, լիբանանեան պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Լաոս` պատրաստուելու համար այս երկրորդ մրցումին, որ կը նկատուի բաւական կարեւոր` կէտ ապահովելու իմաստով: Նշենք, որ...

Պաքու-2015. Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբիշները Մեկնեցան Պաքու

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի լրատուական բաժինէն` ArmSport.am կայքը հաղորդեց, որ երէկ` երկուշաբթի, 15 յունիսին, Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի ըմբիշները մեկնեցան Պաքու` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար Եւրոպական առաջին խաղերուն: Այս լուրին զուգահեռ յայտարարուեցաւ նաեւ, որ արդէն իսկ Հայաստան վերադարձան յունահռոմէական ոճի ըմբիշները` տիրանալով միայն արծաթ մետալի մը, այդ ալ շնորհիւ Միհրան Յարութիւնեանի (66 քկ): Նշենք, որ Հայաստանի ազատ...

ՀՄԸՄ Պէյրութ` Շուֆէն Դէպի Պահտարան

Լեւոն Թաշճեան Կիրակի, 14 յունիս 2015-ին, լիբանանեան բանակը կազմակերպած էր 16 քմ վազքի մրցում մը` ի պատիւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի: Սոյն վազքի մրցումը կը կազմակերպուէր 4-րդ անգամն ըլլալով: Շուֆի քաղաքապետարանը օժանդակեց այս վազքի մրցումին կազմակերպման: Վազքի մրցումին կը մասնակցէին 650 երկսեռ մարզիկներ, լիբանանեան բանակին եւ մարզական ակումբներէն: Ներկայ էր նաեւ ՀՄԸՄ Պէյրութ: Վազքի 16 քմ մրցումը սկսաւ Շուֆի...

Համահայկական Խաղերուն Ջահը Հասաւ Տաւուշի Մարզ

Համահայկական խաղերու մամլոյ բաժանմունքը հաղորդեց, որ համահայական ամառնային 6-րդ խաղերու ջահը երէկ հասաւ Տաւուշի մարզ: Անիկա նախքան հոն հասնիլը անցաւ Շուշիէն, Քարվաճառէն, Վարդենիսէն եւ Բերդէն: Կազմակերպուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն մասնակցեցան Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեան, Համահայկական խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէի անդամներ, համայնքներու պատասխանատուներ, հրաւիրեալներ եւ այլ անձեր: ArmSport.am հաղորդեց, որ Բերդի մէջ ջահը ստացաւ տաւուշցի ծանրաբարձ, Հայաստանի բազմակի ախոյեան եւ մրցանշակիր, Եւրոպայի...

Նէյմարի Հրաժարագինը` 250 Միլիոն Եւրօ

Sport.es կայքին համաձայն, Պարսելոնա իր յառաջապահին` Նէյմարի հետ նոր պայմանագիր մը կնքելու մօտ է: Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, նոր պայմանագիրը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 2020, եւ Նէյմար տարեկան պիտի ստանայ 12 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Այսպիսով, Նէյմար պիտի ըլլայ քաթալոնական խումբին 2-րդ ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը` Լիոնել Մեսսիէն ետք: Տեղին է նշել, որ կնքուելիք պայմանագիրին մէջ կարեւոր կէտը պիտի ըլլայ այն, որ...

«Քոփա Ամերիքա».  Վենեզուելա Պատմութիւն Կերտեց 1-0 Արդիւնքով Յաղթելով Քոլոմպիոյ. Պրազիլ – Փերու` 2-1

«Քոփա Ամերիքա». Վենեզուելա Պատմութիւն Կերտեց 1-0 Արդիւնքով Յաղթելով Քոլոմպիոյ. Պրազիլ – Փերու` 2-1

Պրազիլի յաղթական մարզիկները Չիլիի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին, երէկ Վենեզուելա ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քոլոմպիան: Սալոմոն Ռոնտոն նշանակեց մրցումին միակ կոլը (60-րդ): Սալոմոն Ռոնտօ Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ Վենեզուելա այս մրցաշարքին գծով պատմութիւն կերտեց, որովհետեւ ցարդ ոչ մէկ ատեն կրցած էր յաղթել Քոլոմպիոյ: Անոնց միջեւ վեց հանդիպումներուն հինգին Քոլոմպիա արձանագրած էր...

Եուրօ-2016. Սլովաքիա Եւ Անգլիա` Ցարդ Անպարտելի. Տասը Խումբեր` Ցարդ Առանց Յաղթանակի

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով բազմաթիւ ճակատումներ: Սլովաքիա եւ Անգլիա, որոնք արձանագրեցին իրենց 6-րդ յաղթանակը, ցարդ կը հանդիսանան այն միակ երկու խումբերը, որոնք ապահոված են առաւելագոյն 18 կէտը: Ցարդ ամէնէն շատ կոլը (20) նշանակած է Լեհաստան, մինչ ամէնէն քիչ կոլը (1) ստացած է Ռումանիա: Տասը խումբեր` Լաթվիա, Ղազախստան, Անտորրա, Լիւքսամպուրկ, Ճիպրալթար, Սան Մարինօ, Յունաստան,...

Նշմար. Անյայտ Զինուորը

ԱՐԱ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Խաւիէ Մասքերանօ Մօտ մէկ շաբաթ առաջ էր, երբ Պարսելոնան իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով եռեակ (թրիփլէ) մը իրագործեց` դառնալով Սպանիոյ ախոյեան, Սպանիոյ բաժակի ախոյեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ախոյեան: Համաշխարհային թերթերը եւ համացանցը գովասանքի խօսքեր կը թափէին քաթալոնական ակումբին վրայ: Կը խօսէին Մեսսի - Սուարեզ - Նէյմար անկրկնելի եռեակին եւ անոնց նշանակած 120 կոլերուն մասին, կը խօսէին Զաւի-Ինիեսթա...

Եուրօ-2016.  Հայաստան Կրեց Իր 4-րդ Պարտութիւնը Փորթուգալէն` 3-2 Արդիւնքով

Եուրօ-2016. Հայաստան Կրեց Իր 4-րդ Պարտութիւնը Փորթուգալէն` 3-2 Արդիւնքով

Շաբաթ, 13 յունիսին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստան - Փորթուգալ մրցումը, որ կ՛իյնայ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան Թ. խմբակին զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ: 14-րդ վայրկեանին Մարքոս Փիցելլի բացաւ մրցումին հաշիւը սքանչելի եւ զօրաւոր հարուածով մը պարտութեան մատնելով Փորթուգալի բերդապահը: Սակայն 29-րդ վայրկեանին հիւր կազմը ձեռք ձգեց կասկածելի փենալթի մը, զոր կոլի վերածեց Քրիսթիանօ Ռոնալտօ: Բ. կիսախաղին 55-րդ...

Եւրոպական Խաղեր. Պաքու-2015.  Հայրենի Կռփամարտիկները Եւս Հասան Պաքու. Միհրան Յարութիւնեան` Արծաթէ Մետալակիր

Եւրոպական Խաղեր. Պաքու-2015. Հայրենի Կռփամարտիկները Եւս Հասան Պաքու. Միհրան Յարութիւնեան` Արծաթէ Մետալակիր

Մաքսիմ Մանուկեան (առաջին) Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի ունեցող եւրոպական առաջին խաղերուն, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 85 քկ դասակարգի պայքարին մէջ ներգրաւուած Մաքսիմ Մանուկեան կը շարունակէ իր վստահ ելոյթները: Մանուկեան 1-8-րդ հանգրուանին իր կատարած ճակատումին, 9-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ազրպէյճանը ներկայացնող Սաման Թահմասեպին: Կիսաւարտականին Մանուկեան պարտուեցաւ եւ չկրցաւ պրոնզէ մետալի մը տիրանալ: Միհրան Յարութիւնեան Ռոման Ամոյեան Իր կարգին, քառորդ աւարտականի իր...

Եուրօ-2016. Յունաստան Դարձեալ Պարտուեցաւ. Իտալիա 26-րդ Մրցումն Ըլլալով Մնաց Անպարտելի

Սերճիօ Մարգարեան Նախորդ շաբաթավերջին Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ: Զ. խմբակին մէջ ցարդ ոչ մէկ յաղթանակ արձանագրած եւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Յունաստան, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆարօ կղզիներէն` երթին նման: Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Սերճիօ Մարգարեանի կազմը` Յունաստան, այժմ ունի միայն 2 կէտ: Դ. խմբակին մաս կազմող Ճիպրալթար 7-0 արդիւնքով ծանր...

«Քոփա Ամերիքա». Արժանթին – Փարակուէյ` 2-2, Ուրուկուէյ – Ժամայքա` 1-0 Եւ Մեքսիքա – Պոլիվիա` 0-0

Արժանթին - Փարակուէյ մրցումէն Չիլիի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան երեք մրցումներ: Թէեւ Բ. խմբակին մաս կազմող Արժանթին Փարակուէյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ` շնորհիւ Սերճիօ Ակուերոյի (29-րդ) եւ Լիոնել Մեսսիի (36-րդ` փենալթիով) նշանակած կոլերուն, սակայն աւելի ուշ Փարակուէյ եւս նշանակեց 2 կոլ` շնորհիւ Նելսոն Հայտօ Վալտեսի (60-րդ) ու...

Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Պաքուի Մէջ Տեղի Ունեցած Եւրոպական Խաղերուն Բացման Արարողութեան.  Եռագոյնը Ծածանեցաւ Պաքուի Մէջ

Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Պաքուի Մէջ Տեղի Ունեցած Եւրոպական Խաղերուն Բացման Արարողութեան. Եռագոյնը Ծածանեցաւ Պաքուի Մէջ

Երէկ` ուրբաթ, 12 յունիսին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական առաջին խաղերուն բացման արարողութիւնը: Տողանցքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը եւ Եռագոյնը ծածանեցաւ Ազրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ: Ազրպէյճանի մայրաքաղաք` Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եւրոպական առաջին մարզական խաղերուն բացման արարողութիւնը: Հայաստանի դրօշին տակ հանդէս պիտի գան 7 մարզաձեւ ներկայացնող 24 մարզիկներ: Հայաստանի պատուիրակութիւնը բացման արարողութեան մասնակցեցաւ առանց մարզիկներուն: Շքերթին մասնակցեցան պատուիրակութեան...

Եուրօ-2016. Այսօր` Հայաստան – Փորթուգալ

Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենան բազմաթիւ ճակատումներ: Իր կարգին, մրցում ունի կատարելիք Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ այսօր` շաբաթ, 13 յունիսին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին, պիտի հիւրընկալէ Փորթուգալը: Թ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի կազմին ունեցած ելոյթները ցարդ այդքան ալ լաւ չեն` նկատի ունենալով, որ ցարդ 4 մրցումէ խումբը կրցած...

Եուրօ-2016, Շաբաթավերջին Տեղի Կ՛ունենան 17 Ճակատումներ

Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ազգային խումբերը պիտի ըլլան քիչ մը զբաղած` նկատի ունենալով, որ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ մրցումներ ունին կատարելիք: Նշենք, որ այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան 17 ճակատումներ: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՅՍՕՐ                                                                                                              ԺԱՄ Դ. ԽՄԲԱԿ Իրլանտա - Սկովտիա                                                                19:00 Լեհաստան - Վրաստան                                          19:00 Ճիպրալթար - Գերմանիա                                       21:45 Զ. ԽՄԲԱԿ Ֆինլանտա -...

«Քոփա Ամերիքա».  Չիլի Յաղթանակով Սկսաւ Մրցաշարքը

«Քոփա Ամերիքա». Չիլի Յաղթանակով Սկսաւ Մրցաշարքը

Չիլիի առաջին կոլը Բացման հանդիսութենէն Երէկ Չիլիի մէջ սկսաւ «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ Չիլի - Էքուատոր բացման մրցումը: Հիւրընկալ երկիրը` Չիլի, յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` շնորհիւ Արթուրօ Վիտալի (67-րդ փենալթիով) եւ Էտուարտօ Վարկասի (84-րդ) նշանակած կոլերուն: Անոնց խմբակից Մաթիաս Ֆեռնանտեզ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (92-րդ) կարմիր քարտ մը ստացաւ: Նշենք, որ նախքան...

Page 1219 of 1275 1 … 1,218 1,219 1,220 … 1,275

Արխիւներ