Միքա Երեւանի 29 տարեկան խմբապետ, միջնապահ Արմէն Պետրոսեան, ինչպէս նաեւ անոր խմբակից, 21 տարեկան յետսապահ Տիգրան Բարսեղեան, յառաջիկայ տարեշրջանին մաս պիտի կազմեն Գանձասար Կապանի, յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ Պետրոսեան նախապէս մաս կազմած է Գանձասարի:
ArmSport.am կայքը աւելցուց, որ նախորդ տարեշրջանին աւարտէն ետք Միքայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը մտադիր չէ յաջորդ տարեշրջանին հանդէս գալ Ա. դասակարգին մէջ: Այդ իսկ պատճառով անիկա կարգ մը ֆութպոլիստներու պայմանագրութիւնները չերկարաձգեց: