

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ եւ խմբապետ Նէյմար, որ Քոլոմպիոյ դէմ տեղի ունեցած «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին կարմիր քարտ մը ստացաւ, 2 մրցումով կախակայուեցաւ:
23 տարեկան Նէյմար մրցումին աւարտէն ետք վիճաբանեցաւ մրցակից կազմին յառաջապահ Քարլոս Պաքքայի հետ, եւ երկուքն ալ կարմիր քարտ ստացան: Մրցումին աւարտը ազդարարող սուլիչէն ետք Նէյմար գնդակով հարուածեց Փապլօ Արմերոյին, մինչ Պաքքա պաշտպանեց իր խմբակիցը:
Այսպիսով, Նէյմար Վենեզուելայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին դաշտ պիտի չներկայանայ, ինչպէս նաեւ քառորդ աւարտականին, անշուշտ եթէ Պրազիլ ապահովէ փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը:
Նշենք, որ մրցումին 36-րդ վայրկեանին, քոլոմպիացի Խէյսոն Մուրիլլօ նշանակեց մրցումին միակ կոլը: