Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շեպիպեթ Շիահ` Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցած աւարտական երրորդ մրցումին, Շեպիպեթ Շիահ 53-42 արդիւնքով յաղթեց Թատամոն Զուքի: Շիահ հանդիսացաւ 2015-ի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեան` 2-1 արդիւնքով գերազանցելով Թատամոնը: Բ. դասակարգի ախոյեան հանդիսանալով` Շեպիպեթ Շիահ բարձրացաւ Ա. դասակարգ, մինչ Թատամոն Զուք փլէյ-օֆի մրցում պիտի կատարէ Պըրժ Այնթուրայի դէմ (Ա. դասակարգ)` 2-րդ տոմսին համար: Աւարտին տեղի ունեցաւ...

Եւրոպական Խաղեր. Հրաչիկ Բաբայեան Գրաւեց 29-րդ Դիրքը

Պաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական խաղերու շրջանակներուն մէջ կ՛ընթանան հրացանաձգութեան մրցումները: 3 դիրքի (ծունկի, պառկած եւ ոտքի) 50 մեթր մրցումներուն, Հայաստանը ներկայացնող Հրաչիկ Բաբայեան 33 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 29-րդ դիրքը:

«Չեմփիընզ Լիկ». 2016-2017 Տարեշրջանի Աւարտական Մրցումը` Քարտիֆի Մէջ

«Սքայ Սփորթց Նիուզ»-ի լրագրող Էմի Լուիս երէկ յայտնեց, որ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2016-2017 տարեշրջանի աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քարտիֆի «Միլենիում»-ի մարզադաշտին վրայ: Այս գծով պաշտօնական յայտարարութիւն մը կրնայ հրապարակուիլ այսօր` Փրակայի մէջ (Չեխիա): Նշենք, որ այս մարզադաշտին վրայ 2014-ին տեղի ունեցած է Ռէալ Մատրիտ-Սեւիլլա Եւրոպայի գերբաժակը: Ինչ կը վերաբերի «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2015-2016 տարեշրջանի աւարտական մրցումին, անիկա տեղի պիտի...

«Քոփա Ամերիքա». Նէյմարի Համար Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ եւ յառաջապահ Նէյմար «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին կազմակերպիչներուն կողմէ 4 մրցումով կախակայուեցաւ: Այսպիսով, անոր համար այս մրցաշարքը աւարտեցաւ` նկատի ունենալով, որ անոր ստացած կախակայումի այս պատիժը կ՛աւարտի աւարտական մրցումէն ետք: Ինչպէս ծանօթ է, ան իր կարմիր քարտը ստացաւ Պրազիլ-Քոլոմպիա մրցումէն ետք: Սկզբունքով կը կարծուէր, որ ան երկու մրցումով պիտի կախակայուի, սակայն անոր այդ պատիժը բարձրացաւ...

«Ֆորմիւլա – 1». Ռոզպըրկ Առաջին` Աւստրալիոյ Կրան Փրիին

Նիքօ Ռոզպըրկ (աջին) եւ Լուիս Հեմիլթըն Երէկ` կիրակի, 21 յունիսին, տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ կրան փրին, որ կ՛իյնայ 2015-ի «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Անիկա աւարտեցաւ գերմանացի Նիքօ Ռոզպըրկի  յաղթանակով: Այսպիսով Ռոզպըրկ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով նոյն վազքուղիին ընթացքին գրաւեց առաջին դիրքը: «Մերսետես»-ի անոր խմբակից Լուիս Հեմիլթըն  գրաւեց 2-րդ դիրքը: Ընդհանուր դասաւորման մէջ այժմ Հեմիլթըն ունի 262...

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր Ակումբին.  Փինկ Փոնկի Մրցաշարք` 29 Յունիսէն 1 Յուլիս

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր Ակումբին. Փինկ Փոնկի Մրցաշարք` 29 Յունիսէն 1 Յուլիս

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, 29 յունիսէն 1 յուլիս տեղի կ՛ունենայ Փաթրիք Ասսաֆի փինկ փոնկի տարեկան մրցաշարքը: Նշենք, որ տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ դասակարգերու տղոց եւ աղջկանց մրցումներ: Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 26 յունիսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ը: Անուններու արձանագրութեան համար կարելի է հեռաձայնել հետեւեալ անձերէն մէկուն. Սամիր Շաղուրի (03-868373), Ֆատի...

Եւրոպական Խաղեր. Պաքու-Կռփամարտ. Ալեքսանեան Եւ Աւագեան Պարտուեցան

Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ կը շարունակուին եւրոպական առաջին մարզական խաղերը: Երէկ պայքարի մէջ մտան 46-49 եւ 56 քկ դասակարգերուն մասնակցող կռփամարտիկները: Հայաստանի ներկայացուցիչ Արտեոմ Ալեքսանեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 46-49 քկ դասակարգի մրցումներուն, 1-8-րդ հանգրուանին 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Իսրայէլը ներկայացնող Դաւիթ Ալավերտեանէն, կը նշէ ArmSport.am: Նշենք, որ իր կարգին, երէկ պարտուեցաւ նաեւ 56 քկ դասակարգին իր մասնակցութիւնը բերող Արամ Աւագեան...

Հայկական Ֆութպոլ.  Ռումեան Յովսէփեան Եւ Վարդգէս Սաթումեան Տեղափոխուեցան Փիւնիկ

Հայկական Ֆութպոլ. Ռումեան Յովսէփեան Եւ Վարդգէս Սաթումեան Տեղափոխուեցան Փիւնիկ

Վարդգէս Սաթմուեան Ռումեան Յովսէփեան Միքա Երեւանի միջնապահ Վարդգէս Սաթումեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Փիւնիկի հետ, կը յայտնէ «Պաքեթ Կրուփ Սփորթց Մենըճմընթ»-ը, որ 25 տարեկան ֆութպոլիստին ներկայացուցիչն է: Ան արդէն իսկ քանի մը օրէ ի վեր փորձեր կը կատարէ երեւանեան խումբին հետ: Սարգիս Յովսէփեանի գլխաւորած խումբը` Փիւնիկ, ներկայիս կը նախապատրաստուի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի զտումի մրցաշարքին: Նշենք,...

Հայկական Ֆութպոլ. Մեծ Փոփոխութիւններ` Ալաշկերտի Մէջ

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2015-2016 տարեշրջանի զտումի մրցումներուն պատրաստուող Ալաշկերտի կազմին մէջ տեղի կ՛ունենան զգալի փոփոխութիւններ, կը յայտնէ ArmSport.am: Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը յայտնէ, որ աւարտած են հետեւեալ ֆութպոլիստներուն պայմանագրութիւնները եւ անոնք այսուհետեւ Ալաշկերտի հետ չեն. Նարեկ Դաւթեան, Նարեկ Կէօզալեան, Արման Յովհաննիսեան, Ստեփան Ղազարեան, Տուշան Մլատենովիչ եւ Տարքօ Վուքիչ: Միւս կողմէ, խումբին կազմը համալրուած է շարք մը ֆութպոլիստներով: Ալաշկերտի հետ...

Արամ Ոսկանեան Պիտի Գլխաւորէ Բանանցը

TotalFootball.com կայքը կը հաղորդէ, որ 39 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտ Արամ Ոսկանեան, պիտի գլխաւորէ Բանանցը: Ակումբին կողմէ ցարդ որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չհրապարակուեցաւ, սակայն կը կարծուի, որ այս շաբաթավերջին այդ գծով յայտարարութիւն մը պիտի կատարուի: Շատ հաւանական է, որ Բանանց տեղափոխուի նաեւ Միքայի նախկին ֆութպոլիստ Վարդան Մովսիսեան:

Տեժան Սթանքովիչ Վերադարձաւ Ինթեր Միլան

Ինթեր Միլանի պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ նախապէս ակումբին մաս կազմող հանրածանօթ ֆութպոլիստ Տեժան Սթանքովիչ կը վերադառնայ խումբ` ստանձնելու համար մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինիի օգնական մարզիչի պաշտօնը: Ան անցեալին իբրեւ մարզիկ Ինթերի հետ դաշտ ներկայացած է 326 մրցումի, նշանակած 42 կոլ եւ տիրացած 5 մրցանակի:  

«Քոփա Ամերիքա». Փերու Յաղթեց Վենեզուելայի (1-0). Գ. Խմբակի 4 Խումբերն Ալ Ունեցան 3-ական Կէտ

Փերուի յաղթական մարզիկները «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Գ. խմբակին մէջ տեղի ունեցաւ Փերու - Վենեզուելա մրցումը, որ աւարտեցաւ ի նպաստ Փերուի` 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Փերուի խմբապետ Քլաուտիօ Փիցարրօ` 71-րդ վայրկեանին: Վենեզուելա մրցումին մեծ մասը (աւելի քան մէկ ժամ) շարունակեց տասը մարզիկով, երբ 29-րդ վայրկեանին ֆեռնանտօ Ամորեպիեթա իր բիրտ խաղարկութեան պատճառով կարմիր քարտ մը ստացաւ:...

Ակուերօ Չի Մտածեր Մանչեսթըր Սիթիէն Հեռանալու Մասին

Մանչեսթըր Սիթիի արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ երբեք չի մտածեր իր ակումբէն հեռանալու մասին եւ շատ գոհ է իր կազմէն, միջավայրէն եւ խմբակիցներէն: Վերջերս շշուկներ շրջան կ՛ընէին, որ ան պիտի լքէ իր կազմը, որովհետեւ առաջարկ ստացած է շարք մը ակումբներէ: Այդ ակումբներուն կարգին է Ռէալ Մատրիտ, որ ըստ ԱՍ-ի, անոր փոխանցման համար պատրաստ է...

Տինամօ Մոսկուա Զրկուեցաւ «Եուրոփա Լիկ»-ի Ուղեգիրէն

Տինամօ Մոսկուայի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Վասիլի Թիթով յայտնեց, որ ակումբը զրկուեցաւ 2015-2016 տարեշրջանին «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցելու իրաւուքէն: Պատճառը ֆինանսական «Ֆեր փլէյ»-ի խախտումն է: Նշենք, որ Տինամօ Մոսկուան Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի աւարտած տարեշրջանին գրաւելով ընդհանուր դասաւորման 4-րդ դիրքը, իրաւունք ստացաւ մասնակցելու «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքին: Նշենք, որ Տինամոյէն հանդէս կու գայ Հայաստան ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի:

Ռէալ Մատրիտ Հրաժարեցաւ Վիտալի Փոխանցման Հարցով Զբաղելէ

Արթուրօ Վիտալ (ձախին) Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Մարքա» կը տեղեկացնէ, որ Ռէալ Մատրիտ այսուհետեւ հետաքրքրուած չէ Եուվենթուսի մաս կազմող չիլիցի միջնապահ Արթուրօ Վիտալով: Արքայական ակումբը կասկած չունէր ֆութպոլիստին խաղաոճին վրայ: Սակայն գլխաւոր հարցը անոր անձնական կեանքն է, կը յայտնէ ArmSport.am: Մայրաքաղաքի կազմը` Ռէալ Մատրիտ կը կարծէ, որ չիլիցին քաոսային կեանք մը կ՛ապրի ֆութպոլի դաշտերէն դուրս: Անոր ինքնաշարժի վերջին արկածը...

«Ֆորմիւլա-1». Վաղը` Աւստրալիոյ Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա-1»-ի 2015-ի աշխարհի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 21 յունիսին, տեղի պիտի ունենայ Աւստրալիոյ կրան փրին: Այս կրան փրին նախօրեակին, «Մաքլարըն»-ի վարորդ Ֆեռնանտօ Ալոնսօ որակազրկուեցաւ 20 դիրքով: Այս տուգանքին պատճառը այն է, որ սպանացիին ինքնաշարժին վրայ փոխած են հիմնական շարժիչը, հինգերորդ թիւրպինը, ինչպէս նաեւ MGU-H-ի հինգերորդ շարժակը: Նշենք, որ այժմ վարորդներուն ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի...

Հայկական Ֆութպոլ. Երեւանի Թիւ 170 Դպրոցը` Տիտղոսակիր

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ ֆետերասիոնին կազմակերպած «Քոքա-Քոլա 2015»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը աւարտեցաւ Երեւանի թիւ 170 դպրոցին յաղթանակով: Վերջինս աւարտականին փենալթի-ներով` 9-5 արդիւնքով յաղթեց Բիւրեղաւանի դպրոցի խումբին: Ֆութպոլի այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Մասնակցող խումբերուն եւ յաղթականներուն մրցանակները «Քոքա-Քոլա» ընկերութեան հետ միասին յանձնեցին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներ Հենրիխ Մխիթարեան, Նորայր Ասլանեան, Արթուր...

2018-ի Մոնտիալ. Վիճակահանութենէն Առաջ Հայաստան Յայտնուեցաւ 5-րդ Զամբիւղին Մէջ

25 յուլիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ցամաքամասին 2018-ի Մոնտիալին վիճակաձգութիւնը: Եւրոպայի զտումի մրցումներուն պիտի մասնակցին 54 խումբերէն 52-ը: Ճիպրալթար ցարդ ՖԻՖԱ-ի անդամ չէ, մինչ Ռուսիա, որ հիւրընկալ երկիրն է, զտումի մրցումներուն պիտի չմասնակցի: 9 յուլիսին, երբ ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուի աշխարհի նոր դասաւորումը, անոր հիման վրայ պիտի կատարուի վիճակաձգութիւնը (25 յուլիսին): Այդ 52 խումբերը բաժնուեցան 6 զամբիւղի, իւրաքանչիւրը`...

Եւրոպական Խաղեր. Պաքու. Լեւան Պերինցէ Չկրցաւ Պրոնզ Մետալի Տիրանալ

Պաքուի մէջ կը շարունակուին եւրոպական առաջին խաղերը: Ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ մրցասպարէզ դուրս եկած Հայաստանի երեք ներկայացուցիչներէն միայն մէկը կը պայքարէր պրոնզ մետալի համար, կը յայտնէ ArmSport.am: 61 քկ դասակարգին մէջ Վոլոդիա Ֆրանգուլեան, առաջին գօտեմարտին զիջելով Հաճի Ալիեւին (Ազրպէյճան), դուրս մնաց հետագայ պայքարէն: Մուսա Մուրթազալիեւ (86 քկ) քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ վրացի Սանտրօ Ամինաշվիլիէն եւ իր կարգին լքեց...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Կրնայ Ծանր Տուգանքներ Սահմանել Հայաստանի Դէմ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Կրնայ Ծանր Տուգանքներ Սահմանել Հայաստանի Դէմ

13 յունիսին Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պարտութիւն մը կրեց Փորթուգալէն: Անկախ արդիւնքէն, դէպի դաշտ Շահէն Յարութիւնեանի ներխուժումի արարքը քննարկումի լուրջ առարկայ է «Եու. Է. Էֆ.»-ի կողմէ: Ըստ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կարգապահական օրէնքներուն, այսպիսի միջադէպերու համար սահմանուած են մեծ տուգանքներ եւ պատժամիջոցներ: Ի մասնաւորի, եթէ մարզադաշտ մուտք գործած անձի մը պատճառով մրցումը ընդհատի,...

Page 1217 of 1275 1 … 1,216 1,217 1,218 … 1,275

Արխիւներ