«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Արթուրօ Վիտալ ինքնաշարժի արկածի մը ենթարկուելով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց:
Տեղական մամուլը յայտնեց, որ Վիտալի «Ֆեռարի»-ի մեծապէս վնասուած է հարաւային Սանթիակոյի մէջ տեղի ունեցած այդ արկածին պատճառով:
Նշենք, որ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցող Վիտալ իր խմբակիցներուն նման յետմիջօրէի կարճ արձակուրդ մը առած էր:
Երէկ ի յայտ եկաւ, որ Վիտալ հարբած էր եւ այդ իսկ պատճառով, այսօր պիտի ներկայանայ դատարան: Շատ հաւանաբար ան դուրս դրուի Չիլիի ազգային խումբէն: