Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական խաղերուն, ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն պատահեցաւ փոքր միջադէպ մը, որուն պատճառով երկու ըմբիշներ որակազրկուեցան:
Խաղերուն պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, որ 57 քկ դասակարգին մէջ Վլատիսլաւ Անտրիեւ (Պիելոռուսիա) – Վլատիմիր Խինչեկաշվիլի (Վրաստան) քառորդ աւարտականի ճակատումին ընթացքին սկսաւ ծեծկռտուք մը` երկու ըմբիշներուն պատճառով:
Արագ որոշումով մը երկուքն ալ որակազրկուեցան: