Իր լուրը քաղելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Փորթուգալէն իր կրած պարտութենէն ետք ընդհանուր դասաւորման մէջ մնաց 37-րդ դիրքին վրայ:
Հայաստանի խմբակին մաս կազմող խումբերը կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը. Փորթուգալ` 5-րդ, Դանիա` 18-րդ, Ալպանիա` 32-րդ եւ Սերպիա` 33-րդ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի ախոյեան Գերմանիա: