Ինչպէս «Ազդակ»-ի երէկուան թիւին մարզական էջով հաղորդեցինք, Եուվենթուսի եւ Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Արթուրօ Վիտալ նախանցեալ օր ունեցաւ ինքնաշարժի բաւական ծանր արկած մը:
Ներկայիս կ՛ըսուի, որ ան ուղղուելով տեղւոյն դատարաններէն մէկը, հարցաքննուեցաւ եւ աւարտին ստացաւ պատիժ մը:
Թէեւ անոր արգիլուեցաւ 120 օր ինքնաշարժ վարել, սակայն կ՛ըսուի, որ անոր ստացած այդ պատիժը կրնայ աւելի խիստ ըլլալ:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Վիտալ ցարդ չէ հեռացուած Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբէն եւ պիտի շարունակէ «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը: