Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը 2017-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին սկսաւ Ռումանիայէն 3-0 արդիւնքով կրած պարտութեամբ:
ArmSport.am հաղորդեց, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչին` Արտակ Օսէեանի նորամուտը անյաջող եղաւ:
Օսէեան, որ հաւաքականը գլխաւորած 12-րդ մարզիչն էր, եղաւ 7-րդը, որ իր նորամուտը պարտութեամբ կը նշէր:
Նախապէս, նման ճակատագիրի ենթարկուած էին Յովհաննէս Զանազանեան, Սամուէլ Պետրոսեան, Արմէն Կիւլպուտաղեանց, Վարդան Մինասեան, Ֆլեմինկ Սերիցլեւ եւ Աբրահամ Խաշմանեան:
Երիտասարդական հաւաքականին հետ ամէնէն յաջող գործունէութիւնը կարելի է նկատել Անդրանիկ Ադամեանը, որ 2002-ին իր պաշտօնը ստանձնելով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Կալեսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին: