«Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Բ. խմբակին մէջ տեղի ունեցան երկու մրցումներ:
Արժանթին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ Մանչեսթըր Սիթիի մարզիկ Սերճիօ Ակուերօ գլխու սքանչելի կոլով մը պարտութեան մատնեց Ուրուկուէյի բերդապահ Ֆեռնանտօ Մուսլերան` 57-րդ վայրկեանին:
Մրցումին սկսելէն հազիւ կէս ժամ ետք, Արժանթինի մարզիչ Կերարտօ Մարթինօ կարմիր քարտ մը ստանալով ուղղուեցաւ դէպի թրիպիւն` վիճաբանելէ ետք մրցումին հսկող պատասխանատուին հետ:
Ուրուկուէյը 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Արժանթին գրաւեց խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Փարակուէյ, որ Արժանթինի նման ունի նոյնքան կէտ, իր կարգին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ժամայքայի դէմ:
Ժամայքայի բերդապահ Տուայնէ Քերր գործեց աններելի սխալ մը, երբ բերդէն հեռանալով փորձեց դէպի իր ուղղութեամբ սլացող գնդակը հեռացնել գլուխով: Սակայն ան չյաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, եւ Էտկար Պենիթեզ, օգտուելով անոր այդ սխալէն, 36-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը:
Այս խմբակին մէջ այժմ խումբերը մէկական մրցում ունին կատարելիք, նախքան Ա. հանգրուանի մրցումներուն աւարտիլը:
Արժանթին հանգիստ մրցում մը ունի կատարելիք Ժամայքայի դէմ, մինչ Փարակուէյի մրցակիցն է Ուրուկուէյ:
Ստորեւ` դասաւորումը.
ԿԷՏ | |
1.- Արժանթին | 4 (3-2) |
2.- Փարակուէյ | 4 (3-2) |
3.- Ուրուկուէյ | 3 (1-1) |
4.- Ժամայքա | 0 (0-2) |