Պաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական առաջին խաղերուն, հրացանաձգութեան մրցումներուն ծիրին մէջ կատարուեցան 10 մեթրի աւարտական մրցումները:
Վերջին հանգրուանին 8 անձերու պայքարին մէջ էր Հրաչիկ Բաբայեան, որ ապահովելով 143,3 կէտ, վերջնական դասաւորման մէջ գրաւեց 5-րդ դիրքը:
Հակառակ 5-րդ դիրքը գրաւելուն, Բաբայեան յաջողեցաւ ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը ապահովել, որովհետեւ աւարտական հանգրուանին հասած էր, կը յայտնէ ArmSport.am: