Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ «Կոլտըն Սենտ»-ի մէջ (Պուլկարիա) աւարտած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, հայրենի կրանտմասթըր Յովհաննէս Կապուզեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով 1-2 դիրքը բաժնեց կրանտմասթըր Վիթալիյ Պերնածքիի հետ (Ուքրանիա):
Սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներով Կապուզեանին շնորհուեցաւ երկրորդ մրցանակը:
Կրանտմասթըր Տիգրան Լ. Պետրոսեան մրցաշարքը աւարտեց 6 կէտով:
Միւս կողմէ, Armchess.am նաեւ հաղորդեց, որ 16-24 յունիսին Ջերմուկի մէջ տեղի պիտի ունենայ Կարէն Ասրեանի յուշամրցաշարքը: