Ինչպէս ծանօթ է, Լիվըրփուլի նախկին խմբապետ Սթիւըն Ժերար ամրան ընթացքին տեղափոխուեցաւ «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Լոս Անճելըս Կալաքսի:
Իր լուրը քաղելով Goal.com կայքէն` Armsport.am կը յայտնէ, որ Կալաքսի-Թորոնթօ մրցումին կիսախաղի դադարին տեղի ունեցաւ Ժերարի շնորհահանդէսը` նոր ակումբին հետ:
Այդ շնորհահանդէսէն կարճ ատեն մը առաջ Ժերար իր նոր խումբին համակիրներուն 500 շիշ գարեջուր հիւրասիրած է:
Նշենք, որ ան Կալաքսիի հետ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 17 յուլիսին` Սան Խոսէ Ըրթքուէյքի դէմ: