Իր լուրը քաղելով «Մարքս» կայքէն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ ուրուկուէյցի յառաջապահ Տիեկօ Ֆորլան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակԷ իր հայրենիքին մէջ Փենիարոլի հետ:
36 տարեկան ֆութպոլիստին նախկին ակումբն էր ճափոնական Սերեսօ Օսաքան, որմէ ան տեղափոխուեցաւ Փենիարոլ` իբրեւ ազատ մարզիկ եւ ուր պիտի կրէ թիւ 10 շապիկը:
Ճափոնի մէջ վերջին շրջանին ան 16 մրցումի ընթացքին նշանակեց 10 կոլ: