«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 7 յուլիսին, տեղի կ՛ունենայ Ֆոլկորէ – Փիւնիկ ճակատումը:
Նշենք, որ հայրենի կազմը երթին իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սան Մարինոյի ախոյեանին դէմ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին համար գլխաւոր իրաւարար նշանակուած է Անտորրայէն Իկնասի Վալիամոր Ռոսաթոս, կը յայտնէ ArmSport.am:
Նշենք, որ այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: