«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Միքրոնեզիա 46-0 արդիւնքով այլ ամօթալի պարտութիւն մը կրեց` այս անգամ Վանուաթուէն, ողիմպիականի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Վանուաթուի կոլսքորըրը աս մրցումին հանդիսացաւ Ժան Քալթաք, որ նշանակեց 16 կոլ:
Միքրոնեզիա, որ իր առաջին ներկայացումը կը կատարէր Ովկիանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մրցաշարքին, նախքան այս ծանր պարտութիւնը կրելը պարտուած էր Թահիթիէն (30-0) եւ Ֆիճիէն (38-0), Խաղաղական խաղերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան չորս տարին անգամ մը: