
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան երթին իր արձանագրած յաղթանակին նման, դարձեա՛լ նոյն արդիւնքով` 2-1 յաղթելով իր մրցակիցին` Ֆոլկորէին, ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
Սան Մարինոյի ախոյեանին դէմ տեղի ունեցած երէկուան մրցումին, Կամօ Յովհաննիսեան աջ կողմէն ճեղքելով մրցակիցին պաշտպանողականը, ճշգրիտ հարուածով մը պարտութեան մատնեց մրցակիցին բերդապահին ուռկանը:
44-րդ վայրկեանին Վարդգէս Սաթումեան կրկնապատկեց արդիւնքը` 2-0 արդիւնքով:
66-րդ վայրկեանին մրցակից կազմը նշանակեց կոլ մը, որ սակայն կացութենէն բան չփոխեց:
Ապահովելով Բ. հանգրուանի իր տոմսը, Փիւնիկ իրեն մրցակից պիտի ունենայ նորվեկիական Մոլտէն, կ՛եզրափակէ Armsport.am: