Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար ազգային խումբը, որ Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական ախոյեանութեան, կրեց քիչ մը դժուար պարտութիւն մը, երբ մէկ կողովի տարբերութեամբ` 72-70 արդիւնքով տեղի տուաւ Եգիպտոսի դիմաց:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին Լիբանան 82-56 արդիւնքով յաղթեց Իրաքին:
Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, յաջորդաբար պիտի մրցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քուէյթի դէմ, որմէ ետք Ա. հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին: