Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Էտկար Բաբայեան Կոլի Հեղինակ` Ռանտերսի Հետ

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռանտերս (Դանիա), որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Սանթ Ժուլիան (Անտորրա), 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (երթ` 1-0) ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը: Յաղթական կազմին կոլերէն մէկը նշանակեց Էտկար Բաբայեան: Բաբայեան այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ 60-րդ վայրկեանին:

Գանձասարի Նախկին Ֆութպոլիստ Երկու Տարիով Որակազրկուեցաւ

Armsport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը իր լուրը քաղելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն, կը յայտնէ, որ Գանձասար Կապանի նախկին յետսապահ Արտաշէս Զաքարեան երկու տարիով որակազրկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ նախորդ 5 ապրիլին Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Գանձասար-Բանանց 20-րդ հանգրուանի  մրցումին զեղծարարութիւն  կատարելով, անոր արդիւնքին փոփոխութեան մէջ իր դերը ունեցած է:

Ա. Սէ. Միլանի Նոր Մարզադաշտին Տարեկան Եկամուտը` 74 Միլիոն Եւրօ

Ըստ իտալական «Կազեթթա Տելլօ սփոր»-ին Ա. Սէ. Միլանի կառուցուող նոր մարզադաշտը տարեկան եկամուտ պիտի ապահովէ` 74 միլիոն եւրօ: Կը ն շուի, որ մարզադաշտին անուանումը գնելու իրաւունքը կը պատկանի Ա. Սէ. Միլանի ներկայի գլխաւոր հովանաւորին` «Էմիրէյթց»-ին: Գործարքի ձեւակերպումին պարագային, այդ նոր մարզադաշտը պիտի կոչուի «Էմիրէյթց Սթատիում Միլան», կը յայտնէ Armsport.am: Սակայն մարզադաշտին անուանումին իրաւունքը կրնայ ծախուիլ նաեւ այլ ընկերութիւններու: Նշենք, որ...

Ռէալ Մատրիտ Ներկայացուց Տանիլոյին

«Լա լիկա»-ի կազմերէն Ռէալ Մատրիտ պաշտօնապէս ներկայացուց խումբին նորեկ մարզիկը` Տանիլոն, որ իր կազմին հետ ելոյթ պիտի ունենայ թիւ 23 մարզաշապիկով: Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող 23 տարեկան ֆութպոլիստը Փորթոյէն արքայական ակումբ տեղափոխուեցաւ` փոխան 31,5 միլիոն եւրոյի:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ֆիտաա Սայտա Եւ Մէյրուպա Բարձրացան Բ. Դասակարգ

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական երկրորդ ճակատումը` Ֆիտաա Սայտայի եւ Մէյրուպայի միջեւ: Շանվիլի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ընթացքին Ֆիտաա Սայտա իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց` 77-67 արդիւնքով (18-19, 45-38, 62-52 եւ 77-67): Ֆիտաա Սայտա, որ 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը, հանդիսացաւ Գ. դասակարգի ախոյեան եւ Մէյրուպայի հետ բարձրացաւ Բ. դասակարգ:...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Հաւաքականը Յաղթեց Զուիցերիոյ

Երէկ` հինգշաբթի, 9 յուլիսին, Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց 20 տարեկանէն վար հաւաքականը սկսաւ իր ելոյթներուն` Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով: Իր կատարած առաջին մրցումին, հայրենի կազմը, որ մրցեցաւ Զուիցերիոյ իր հասակակիցներուն դէմ, 71-57 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, յայտնեց ArmSport.am:

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստանի Վատագոյն Դիրքը` Վերջին 2 Տարիներուն

Երէկ` հինգշաբթի, 9 յուլիսին, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն գրաւած նոր դասաւորումը: Հակառակ անոր որ Արժանթին «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին հանդիսացաւ փոխախոյեան, սակայն աշխարհի ախոյեան Գերմանիայէն խլեց պարագլուխի դիրքը: Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ` Պելճիքա: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, նախորդ դասաւորման հետ բաղդատած է, 5 դիրք նահանջելով այժմ կը գրաւէ 89-րդ դիրքը: Նշենք,  որ ասիկա Հայաստանի վատագոյն դիրքն է` վերջին 2...

Օզպիլիս Շատ Հաւանաբար Հեռանայ Սպարտակէն

Ռուսական մամուլին համաձայն, շատ հաւանական է, որ այս ամրան ընթացքին Արազ Օզպիլիս հեռանայ իր ակումբէն` Սպարտակ Մոսկուայէն: «Ներկայիս, Օզպիլիսի փոխանցման շուրջ Սպարտակ քանի մը առաջարկներ ստացած է: Կը կարծուի, որ այս ամրան ընթացքին ֆութպոլիստը պիտի հեռանայ ակումբէն, կը յայտնէ ռուսական ակումբին կայքը: Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին ֆութպոլիստը Քուպանէն Սպարտակի միացաւ 2013-ին, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:

Թենիս. Սերենա Յաղթեց Շարափովային Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի աղջկանց կիսաւարտականի ճակատումներուն, երէկ թիւ 1 դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք 4-րդ դասուած ռուս Մարիա Շարափովային: Աւարտականին Սերենա Ուիլիըմզ պիտի մրցի 20-րդ դասուած սպանացի Կարպին Մուկուրուսա Պլանքոյի (Սպանիա) հետ, որ 6-2, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց Ակնիեսցքա Ռատուանսքային (Լեհաստան, 13-րդ):

Մեսսի Շատ Հաւանաբար Կարճ Դադար Մը Առնէ Ազգային Խումբէն

«Օլէ» կայքին համաձայն, Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի շատ հաւանաբար կարճ դադար մը առնէ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբէն: Ան նման որոշում տուած է այն քննադատութեան պատճառով, որուն ան արժանացած է «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին` Չիլիէն աւարտական մրցումին պարտուելէ ետք: 28 տարեկան Մեսսի Արժանթինի հետ 103 մրցումի ընթացքին նշանակած է 46 կոլ: Աւելի ուշ «Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» յայտնեց, որ Արժանթինի ֆութպոլի համակիրներուն...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Միւլըրի Համար Կ՛առաջարկէ 82 Միլիոն Եւրօ

«Սփորթ - 1» կայքին համաձայն, իր կազմին միացնելու համար գերմանացի Թոմաս Միւլըրը, Մանչեսթըր Եունայթըտ, անոր ակումբին` Պայէրն Միւնիխի կ՛առաջարկէ 82 միլիոն Եւրօ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, երկու ակումբներուն պատասխանատուները իրարու հետ հանդիպում ունեցած են այս գծով:

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարք. Պարսելոնա – Սեւիլլա Մրցումը` Վրաստանի Մէջ

11 օգոստոսին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին սպանական երկու կազմեր` Պարսելոնա եւ Սեւիլլա: Առաջինը իբրեւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ախոյեան, մինչ երկրորդը իբրեւ «Եուրոփա Լիկ»-ի մրցանակակիր: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին  պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Սկովտիայէն: Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Ուիլիամ Քոլամ, որ...

Չելսի Իր Մրցումները Ժամանակաւորապէս Կրնայ Կատարել «Ուեմպլի»-ի Մարզադաշտին Վրայ

2017-2018 տարեշրջանէն սկսեալ, «Սթեմֆորտ Պրիճ» մարզադաշտը ժամանակաւորապէս պիտի դադրի գործելէ` վերակառուցման համար: Ինչպէս կը յայտնէ «Տը Թայմզ»-ը, մրցումները «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ կատարելու համար Չելսիի պատասխանատուները պատրաստ են տարեկան 11 միլիոն սթերլինկ վճարելու: Նոյն այդ տարիներուն պիտի վերանորոգուի նաեւ «Ուայթ Հարթ Լէյն»-ը (որ կը նկատուի Թոթենհամի դաշտը): «Ուեմպլի»-ի մէջ ելոյթ ունենալու համար իր կարգին Թոթենհամ պատրաստ է տարեկան վճարելու 8 միլիոն...

Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ռէալ Մատրիտ Բանակցութիւններ

«Մարքա» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս (Քոսթա Ռիքա) կրնայ միանալ Մանչեսթըր Եունայթըտին: Սակայն անոր փոխանցումը կապուած է Մանչեսթըր Եունայթըտի սպանացի բերդապահ Տաւիտ Տէ Ժէայի հակառակ ուղղութեամբ մեկնելուն հետ: Մինչ Ռէալ Մատրիտ Տէ Ժէան ձեռք ձգելու համար կ՛առաջարկէ Նաւասին, անդին անգլիական ակումբը կը պահանջէ Սերճիօ Ռամոսը: Երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին:

Տի Մարիա Համաձայն Գտնուեցաւ Տեղափոխուիլ Փարիզ Սեն Ժերմեն

«Լը Փարիզիեն»-ի համաձայն, արժանթինցի միջնապահ Անխել Տի Մարիա պատրաստ է լքելու իր ակումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտը եւ տեղափոխուիլ Փարիզ Սեն Ժերմեն: Արդէն իսկ երկու կողմերը համաձայնութեան եկած են այս գծով եւ կը կարծուի, որ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմին հետ արժանթինցին պիտի ըլլայ ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը: Կը կարծուի սակայն, որ այս փոխանցումը տեղի պիտի ունենայ այս ամսուան աւարտէն առաջ: Թէեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ...

Չելսի Իսքոյին Համար Կ՛առաջարկէ 28 Միլիոն Եւրօ

Չելսիի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ, իր կազմին միացնելու համար սպանացի 23 տարեկան միջնապահ Իսքոն, անոր ակումբին` Ռէալ Մատրիտին առաջարկած է 28 միլիոն Եւրօ, կը յայտնէ «Տը Միրըր»: Մուրինիօ Իսքոն նկատի կ՛առնէ իբրեւ պրազիլցի միջնապահ Օսքարին փոխարինողը, որ շատ հաւանաբար միանայ Եուվենթուսի: «ԱՍ»-ի համաձայն, սակայն, այդ փոխանցումը պիտի չկատարուի` նկատի ունենալով, որ արքայական ակումբին մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթես մեծ յոյսեր կապած է Իսքոյի...

Պասքեթպոլ (18 Տարեկանէն Վար). Լիբանան Ջախջախեց Քուէյթը` 81-51 Արդիւնքով

Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին իր կատարած վերջին մրցումին, Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, 81-51 արդիւնքով ջախջախեց Քուէյթը (26-16, 49-28, 75-39 եւ 81-51): Այսպիսով, Լիբանան գրաւելով իր խմբակին երկրորդ դիրքը, քառորդ աւարտականին (այսօր) պիտի մրցի Ա. խմբակին երրորդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ (մրցակիցին անունը` ցարդ անորոշ): Նշենք, որ Լիբանան...

«Եուրոփա Լիկ». Հայկական 3 Խումբերը Այսօր Մրցում Ունին Կատարելիք

«Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր: Այսօր մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ հայկական 3 խումբերը` Ուլիս, Շիրակ եւ Ալաշկերտ: Ուլիս, որ միակն ըլլալով իր մրցումը պիտի կատարէ իր դաշտին վրայ պիտի մրցի Պերքիրքարայի դէմ (Մալթա): Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամ 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Շիրակ ժամը 20:30-ին հիւրը պիտի ըլլայ Զրինժսքի Մոսթարի (Պոսնիա) մինչ Ալաշկերտ...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի 20 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Հասաւ Հունգարիա

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, որ իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը հասաւ Հունգարիա, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան: Հայրենի կազմը հաստատուեցաւ «Փլաթան» պանդոկին մէջ: Նշենք, որ այսօր` հինգշաբթի, Հայաստան Զուիցերիոյ դէմ պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը: Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է` Վիքթոր Ուսքով:

Գանձասար Կապան Մեկնեցաւ Պուլկարիա

Երէկ Գանձասար Կապան մեկնեցաւ Պուլկարիա` երկու շաբթուան վրայ երկարող ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար: Հայկական ակումբի գլխաւոր մարզիչ Աշոտ Բարսեղեան իր կատարած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Պուլկարիոյ մէջ պիտի կատարեն ֆութպոլի բարեկամական 4 մրցումներ` տեղւոյն եւ Յունաստանի բարձրագոյն խումբերուն դէմ: ArmSport.am իր լուրը եզրափակեց նշելով, որ Պուլկարիոյ մէջ Գանձասար հանդէս պիտի գայ Ատիտաս ընկերութեան խաղաղապիտակով:

Page 1210 of 1275 1 … 1,209 1,210 1,211 … 1,275

Արխիւներ