Եուվենթուսի նախագահ Անտրէա Անիելլի երկարաձգեց պայմանագրութիւնները խումբի մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի եւ միջնապահ Քլաուտիօ Մարքիզիոյի հետ, կը յայտնէ Totalfootball.am:
Մարզիչին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2017 ամառ, իսկ ֆութպոլիստինը` մինչեւ 2020 ամառ:
Եուվէի նախագահը իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ այդ երկարաձգումները տեղի ունեցան` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցած են խումբին մէջ եւ անոր յաջողութիւններուն նպաստած: