
Նախորդ շաբաթավերջին Հարաւային Քորէայի Կուանկ Ժու քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եունիվերսիատ-2015-ի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որ տեւեց շուրջ 2 ժամ` ներկայութեամբ բազմահազար հանդիսատեսներու:
Բացման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին տողանցեց նաեւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ 70 երկսեռ մարզիկներ, մարզիչներ եւ պատասխանատուներ:
Նշենք, որ լիբանանեան դրօշակը այդ տողանցքին բռնած էր թեքուանտոյի ախոյեան Էլիաս Հատարի:
Լիբանանցի մարզիկները կը մասնակցին թենիսի, փինկ փոնկի, սուսերամարտի, լողարշաւի, աթլեթիզմի, թեքուանտոյի, ժիւտոյի եւ պետմինթընի մրցումներուն: