Նախորդ շաբաթավերջին Վանքուվըրի մէջ (Քանատա) աւարտեցաւ 2015-ի աղջկանց Մոնտիալը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` տիտղոսակիր Ճափոնի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ:
Միացեալ Նահանգներ երրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացան աշխարհի ախոյեան, աւարտական այս մրցումին 5-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ճափոնի:
Ամերիկացիներու խմբապետ Քարլի Լլոյտ Հեթրիք մը իրագործեց, (3-րդ, 5-րդ եւ 16-րդ) որուն շնորհիւ անոր կազմը 1999-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով բարձրացուց այս մրցաշարքին տիտղոսը:
Միացեալ Նահանգներ, որոնք իրենց առաջին տիտղոսին տիրացած էին 1991-ին, այսպիսով հանդիսացան առաջին խումբը, որ երրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ աշխարհի աղջկանց Մոնտիալի տիտղոսին:
Մրցումին ներկայ էին աւելի քան 53 հազար հանդիսատեսներ:
3-րդ դիրքի մրցումին Անգլիա յաղթեց Գերմանիոյ:


