Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ յստակացաւ տղոց քառորդ աւարտականին հասնող վերջին մասնակիցին անունը:
Թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Տիոքովիչ, որ 4-րդ հանգրուանին ետին մրցակից ունէր Քեւին Անտերսոնը (Հարաւային Ափրիկէ, 14-րդ), երկու օրերու վրայ երկարած (մութին պատճառով) մրցումէ մը ետք տարաւ վերջնական յաղթանակը` 6-7, 6-7, 6-1, 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով:
Աղջկանց քառորդ աւարտականին ծիրին մէջ, 4-րդ դասուած ռուս Մարիա Շարափովա ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 6-3, 6-7 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քոքօ Վանտեվեկէի (Միացեալ Նահանգներ):