
Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին («Թուր տը Ֆրանս») 3-րդ հանգրուանի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, Անվերսէն` Հիւ (159.5 քմ), թէեւ աւարտեցաւ յաղթանակով սպանացի Խուաքին Ռոտրիկեսի «Քաթուշա» խումբին մաս կազմող), որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 3 ժամ 26’54” արդիւնք մը, սակայն այս հանգրուանը յատկանշուեցաւ բաւական զօրաւոր եւ ծանր արկածով մը` նկատի ունենալով, որ տասնեակ մը հեծելանւորդներ արկածի մը ենթարկուելով եւ բախում ունենալով իրարու հետ, վիրաւորուեցան եւ ստացան վնասուածքներ:
Այդ արկածի եթարկուողներուն կարգին էր Ֆապիան Քանսելլարա, որ այս հանգրուանին սկսաւ իր մօտ ունենալով դեղին շապիկը:
Նշենք, որ այժմ դեղին շապիկը իր մօտ կը պահէ անգլիացի Քրիսթոֆ Ֆրում («Սքայ» խումբ), որ արձանագրած է 7 ժամ 11’37” արդիւնք մը:
Այսօր տեղի կ՛ունենայ 4-րդ հանգրուանը` Սերենկէն Քամպրէ (223.5 քմ):
Նշենք, որ առաջին հանգրուանին Իւթրեխթի մէջ տեղի ունեցած ժամացոյցի դէմ մրցումին (13.8 քմ) առաջին դիրքը գրաւեց աւստրալիացի Ռոհան Տենիս, մինչ 2-րդ հանգրուանին` Իւթրեխթէն Զելանտ (166 քմ), առաջին հանդիսացաւ Անտրէ Կրէյփել (Գերմանիա 3 ժամ 29’03”):