«Քալչիօ»-ի կազմերէն Եուվենթուսի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին միջնապահներէն Անտրէա Փիրլօ միացաւ «Մէյճըր Լիկ»-ի կազմերէն Նիւ Եորք Սիթիին:
Իտալիոյ ախոյեանն ու 36 տարեկան ֆութպոլիստը երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզեցին իրենց միջեւ կնքուած համաձայնագիրը:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, Փիրլօ Միացեալ Նահանգներու մէջ տարեկան պիտի ստանայ 5-6 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Նշենք, որ Եուվէի հետ Փիրլօ 4 անգամ հանդիսացած է երկրին ախոյեան: