Երէկ Գանձասար Կապան մեկնեցաւ Պուլկարիա` երկու շաբթուան վրայ երկարող ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար:
Հայկական ակումբի գլխաւոր մարզիչ Աշոտ Բարսեղեան իր կատարած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Պուլկարիոյ մէջ պիտի կատարեն ֆութպոլի բարեկամական 4 մրցումներ` տեղւոյն եւ Յունաստանի բարձրագոյն խումբերուն դէմ:
ArmSport.am իր լուրը եզրափակեց նշելով, որ Պուլկարիոյ մէջ Գանձասար հանդէս պիտի գայ Ատիտաս ընկերութեան խաղաղապիտակով: