ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, որ իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը հասաւ Հունգարիա, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան:
Հայրենի կազմը հաստատուեցաւ «Փլաթան» պանդոկին մէջ:
Նշենք, որ այսօր` հինգշաբթի, Հայաստան Զուիցերիոյ դէմ պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը:
Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է` Վիքթոր Ուսքով: