2017-2018 տարեշրջանէն սկսեալ, «Սթեմֆորտ Պրիճ» մարզադաշտը ժամանակաւորապէս պիտի դադրի գործելէ` վերակառուցման համար:
Ինչպէս կը յայտնէ «Տը Թայմզ»-ը, մրցումները «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ կատարելու համար Չելսիի պատասխանատուները պատրաստ են տարեկան 11 միլիոն սթերլինկ վճարելու:
Նոյն այդ տարիներուն պիտի վերանորոգուի նաեւ «Ուայթ Հարթ Լէյն»-ը (որ կը նկատուի Թոթենհամի դաշտը): «Ուեմպլի»-ի մէջ ելոյթ ունենալու համար իր կարգին Թոթենհամ պատրաստ է տարեկան վճարելու 8 միլիոն սթերլինկ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Չելսիի սեփականատէր Ռոման Ապրամովիչ Չելսիի մարզադաշտին նորոգութեան համար պատրաստ է վճարելու 500 միլիոն սթերլինկ: