11 օգոստոսին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին սպանական երկու կազմեր` Պարսելոնա եւ Սեւիլլա: Առաջինը իբրեւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ախոյեան, մինչ երկրորդը իբրեւ «Եուրոփա Լիկ»-ի մրցանակակիր:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Սկովտիայէն: Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Ուիլիամ Քոլամ, որ սուլած է «Չեմփիընզ լիկ»-ի 6 մրցում: