«Օլէ» կայքին համաձայն, Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի շատ հաւանաբար կարճ դադար մը առնէ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբէն:
Ան նման որոշում տուած է այն քննադատութեան պատճառով, որուն ան արժանացած է «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին` Չիլիէն աւարտական մրցումին պարտուելէ ետք:
28 տարեկան Մեսսի Արժանթինի հետ 103 մրցումի ընթացքին նշանակած է 46 կոլ:
Աւելի ուշ «Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» յայտնեց, որ Արժանթինի ֆութպոլի համակիրներուն մեծամասնութեան կարծիքը այն է, որ Մեսսի պէտք է հեռանայ ազգային խումբէն: