Ըստ իտալական «Կազեթթա Տելլօ սփոր»-ին Ա. Սէ. Միլանի կառուցուող նոր մարզադաշտը տարեկան եկամուտ պիտի ապահովէ` 74 միլիոն եւրօ:
Կը ն շուի, որ մարզադաշտին անուանումը գնելու իրաւունքը կը պատկանի Ա. Սէ. Միլանի ներկայի գլխաւոր հովանաւորին` «Էմիրէյթց»-ին:
Գործարքի ձեւակերպումին պարագային, այդ նոր մարզադաշտը պիտի կոչուի «Էմիրէյթց Սթատիում Միլան», կը յայտնէ Armsport.am:
Սակայն մարզադաշտին անուանումին իրաւունքը կրնայ ծախուիլ նաեւ այլ ընկերութիւններու:
Նշենք, որ 51 միլիոն եւրոյի շահը պիտի գայ տոմսերու վաճառքէն, 15 միլիոնը` անոր անուանումին վաճառքէն, իսկ մնացեալ 8 միլիոնը, ֆութպոլի մրցումներէ դուրս, այլ միջոցառումներու կազմակերպումէն: