
«Լը Փարիզիեն»-ի համաձայն, արժանթինցի միջնապահ Անխել Տի Մարիա պատրաստ է լքելու իր ակումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտը եւ տեղափոխուիլ Փարիզ Սեն Ժերմեն:
Արդէն իսկ երկու կողմերը համաձայնութեան եկած են այս գծով եւ կը կարծուի, որ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմին հետ արժանթինցին պիտի ըլլայ ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը:
Կը կարծուի սակայն, որ այս փոխանցումը տեղի պիտի ունենայ այս ամսուան աւարտէն առաջ:
Թէեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Տի Մարիան մէկ տարի առաջ գնեց 75 միլիոն Եւրոյով, սակայն պատրաստ է ֆրանսական ակումբին առաջարկած` 60 միլիոն եւրոյի փոխարէն ծախելու իր մարզիկը:
Կը կարծուի, որ ըստ երկու ակումբներուն միջեւ կնքուելիք համաձայնութեան, Փարիզ Սեն Ժերմենի յետսապահ Կրեկորի Վան Տեր Վիլ պիտի մեկնի հակառակ ուղղութեամբ:


