Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին իր կատարած վերջին մրցումին, Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, 81-51 արդիւնքով ջախջախեց Քուէյթը (26-16, 49-28, 75-39 եւ 81-51):
Այսպիսով, Լիբանան գրաւելով իր խմբակին երկրորդ դիրքը, քառորդ աւարտականին (այսօր) պիտի մրցի Ա. խմբակին երրորդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ (մրցակիցին անունը` ցարդ անորոշ):
Նշենք, որ Լիբանան միայն պարտուեցաւ Եգիպտոսէն, մինչ յաղթեց նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Իրաքի: