«Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր:
Այսօր մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ հայկական 3 խումբերը` Ուլիս, Շիրակ եւ Ալաշկերտ:
Ուլիս, որ միակն ըլլալով իր մրցումը պիտի կատարէ իր դաշտին վրայ պիտի մրցի Պերքիրքարայի դէմ (Մալթա):
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամ 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Շիրակ ժամը 20:30-ին հիւրը պիտի ըլլայ Զրինժսքի Մոսթարի (Պոսնիա) մինչ Ալաշկերտ իր մրցումը պիտի կատարէ Սենթ Ճոնսթընի դէմ (Սկովտիա), ժամը 21:45-ին:
Նշենք, որ երթի մրցումներուն Ուլիս 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած է, մինչ Շիրակ եւ Ալաշկերտ` յաղթանակներ, յաջորդաբար 2-0 եւ 1-0 արդիւնքով: