«Լա լիկա»-ի կազմերէն Ռէալ Մատրիտ պաշտօնապէս ներկայացուց խումբին նորեկ մարզիկը` Տանիլոն, որ իր կազմին հետ ելոյթ պիտի ունենայ թիւ 23 մարզաշապիկով:
Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող 23 տարեկան ֆութպոլիստը Փորթոյէն արքայական ակումբ տեղափոխուեցաւ` փոխան 31,5 միլիոն եւրոյի: