
Armsport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը իր լուրը քաղելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն, կը յայտնէ, որ Գանձասար Կապանի նախկին յետսապահ Արտաշէս Զաքարեան երկու տարիով որակազրկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ նախորդ 5 ապրիլին Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Գանձասար-Բանանց 20-րդ հանգրուանի մրցումին զեղծարարութիւն կատարելով, անոր արդիւնքին փոփոխութեան մէջ իր դերը ունեցած է:


