
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական երկրորդ ճակատումը` Ֆիտաա Սայտայի եւ Մէյրուպայի միջեւ:
Շանվիլի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ընթացքին Ֆիտաա Սայտա իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց` 77-67 արդիւնքով (18-19, 45-38, 62-52 եւ 77-67):
Ֆիտաա Սայտա, որ 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը, հանդիսացաւ Գ. դասակարգի ախոյեան եւ Մէյրուպայի հետ բարձրացաւ Բ. դասակարգ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Նատեր Պասմէի եւ Ռիատի Պէյրութի փոխնախագահ Թամմամ Ժարուտիի:
 
			

