Քաթալոնիական ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Պարսելոնա-Բ. խումբի մարզիչ նշանակուեցաւ նախկին ֆութպոլիստ Ժերար Լոփես:
36 տարեկան Լոփես 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Պարսելոնայի հետ:
Ժերար եղած է Պարսելոնայի մարզադպրոցի սան եւ գլխաւոր խումբին հետ հանդէս եկած է 2000-2005 ժամանակամիջոցին:
ArmSport.am լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ նախորդ տարեշրջանին արդիւնքներով Պարսելոնայի երկրորդ խումբը լքեց «Սեկունտա»-ն: