ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր աղջկանց խումբի սերպ մարզիչ Նեմանժա Պժետովի հետ, որ նախորդ տարեշրջանին իր խումբին հետ հանդիսացաւ Լիբանանի փոխախոյեան, մինչ բաժակի մրցաշարքին գծով հասաւ աւարտականին:
Իր պայմանագրութեան երկարաձգումէն ետք Պժետով ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ, նոր տարեշրջանին աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու եւ գոհ ձգելու խումբին համակիրները:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը իր մասնակցութիւնը կը բերէ 2-13 օգոստոսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք համահայկական 6-րդ խաղերուն:
Աղջկանց պասքեթպոլի խաղերուն կը մասնակցին 22 խումբեր` աշխարհի չորս ծագերէն: