Ասիա – Ովկիանիա Բ. շրջանին մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Լիբանան 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Սրի Լանքայէն, փոխադրուեցաւ Գ. խմբակ:
2-0 արդիւնքով ուշանալէ ետք, թէեւ Լիբանան արդիւնքը հաւասարեցուց (2-2), սակայն դաշտին տէրը տարաւ վերջնական յաղթանակը` 3-2 արդիւնքով:
Պէտք է նշել, որ Լիբանանէն կը բացակային կարգ մը հիմնական մարզիկներ, մինչ զօրաւոր տաքը եղաւ ի նպաստ դաշտին տիրոջ, որ բնականաբար վարժուած է այդպիսի կլիմայական պայմաններուն:
Լիբանանի մարզիչ Հիւսէյն Պատրէտտին ըսաւ, որ այդքան ալ մտահոգիչ չէ Գ. խմբակ փոխադրուիլը` նկատի ունենալով, որ Լիբանան 2017-ին դարձեալ կրնայ բարձրանալ Բ. խմբակ, որովհետեւ ունի զօրաւոր կազմ մը:
Պատրէտտին շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին եւ անոր նախագահին` Սամիր Սալիպային, որոնք միշտ զօրավիգ կը կանգնին այս մարզաձեւին յառաջխաղացքին` իրենց տարած աշխատանքին միջոցով: