Բանանցի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը` Բանանցի եւ Արցախի հաւաքականին միջեւ, յայտնեց Բանանցի պաշտօնական կայքը:
Բանանցի ֆութպոլիստները 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին (կիսախաղ` 2-0):
ArmSport.am կայքը աւելցուց, որ 30-րդ վայրկեանին Արցախի կազմը սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց, մինչ 38-րդ վայրկեանին Պետրոս Աւետիսեան արդիւնքը բարձրացուց երկուքի:
Բ. կիսախաղին Անդրանիկ Քոչարեան նշանակեց 2 կոլ, մինչ վերջին կոլը նշանակեց Տիգրան Ղազարեան:
Նշենք, որ Արցախի հաւաքականը այլ մրցում մըն ալ կատարեց երէկ եւ այս անգամ 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Ալաշկերտի երկրորդ խումբէն:
Երեք կոլերը նշանակեցին Վարդան Պետրոսեան, Գրիգոր Մկրտչեան եւ Արսէն Բալաբեկեան:
Բ. կիսախաղին Ալաշկերտի մարզիչ Սեւատա Արզումանեան փոխարինումներ կատարեց եւ մեծ թիւով պատանի ֆութպոլիստներուն խաղալու կարելիութիւն ընձեռեց, յայտնեց ArmSport.am: