26 յուլիսէն 16 օգոստոս «ԿԱԿ» համախմբումը կը կազմակերպէ տարեկան իր 18-րդ մարզախաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Ապրին գիւղաքաղաքին մէջ (Պաթրուն):
Տեղի պիտի ունենան շարք մը մարզախաղեր, որոնց կարգին` աթլեթիզմ, հեծելարշաւ, քանոյ եւ այլն:
Տարիներու իր սովորութեան համաձայն, երէկ «ԿԱԿ» տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` համախմբումին պատուոյ նախագահ Ժորժ Շահինի բնակարանին մէջ (Ապրին), ներկայութեամբ յատուկ հրաւիրեալներու եւ մարզական լրագրողներու:
Այս հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան շարք մը մարզիկներ եւ պատասխանատուներ, որոնց կարգին` Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար: