
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ, Օլեմփիք Մարսէյի երիտասարդական խումբի խմբապետ Կայել Անտոնեան այսուհետեւ ելոյթ պիտի ունենայ ֆրանսական ակումբին գլխաւոր խումբին հետ:
20 տարեկան ֆութպոլիստը, իր արհեստավարժ ասպարէզի առաջին պայմանագիրը ստորագրեց խումբին հետ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ. «Մեծ հպարտութիւն կը զգամ: Նախորդ տարիներու տքնաջան աշխատանքս տուաւ իր արդիւնքը: Գլխաւոր խումբին հետ պիտի շարունակեմ յառաջդիմել` իբրեւ ֆութպոլիստ: Այժմ պէտք է աւելի լաւ պատրաստուինք նոր տարեշրջանին»:


