Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Պուտտա ակումբին մէջ (Ատմա) տեղի ունեցաւ Լիբանանի Սանտայի ախոյեանութիւնը:
Առաջին դիրքը գրաւեց եւ տիտղոսին տիրացաւ Լուէյզի Զուք Մոսպեհ, որ ապահովեց 58 կէտ:
Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Պել Հորիզոն (37 կէտ) եւ Անթունիէ Պաապտա (31 կէտ):
Աւարտին ֆետերասիոնը մրցանակաբաշխութիւնը կատարելէ ետք հրապարակեց ցանկը այն մարզիկներուն, որոնք Լիբանանի ազգային խումբին հետ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն այս տարի Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան:
Նշենք, որ մրցումներուն հսկող իրաւարարներուն կարգին էր Րաֆֆի Սարգիսեան: