
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2015-2016 տարեշրջանի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան թէեւ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Նորվեկիոյ ախոյեան Մոլտէին, սակայն չկրցաւ անցնիլ յաջորդ հանգրուան եւ դուրս մնաց մրցաշարքէն, որովհետեւ երթին 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրած էր իր մրցակիցէն:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Զաւէն Պատոյեան` 74-րդ վայրկեանին:


