«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան բազմաթիւ ճակատումներ:
Այսօր մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Շիրակ եւ Ալաշկերտ:
Շիրակ ժամը 15:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) պիտի հիւրընկալէ ԱԻՔ Սթոքհոլմը (Շուէտ), մինչ ժամը 18:00-ին Ալաշկերտ` Քայրաթ Ալմաթին (Ղազախստան):
Ինչպէս ծանօթ է, երթի մրցումներուն հայկական երկու խումբերն ալ իրենց դաշտերէն դուրս պարտութիւններ կրեցին:
Շիրակ պարտուեցաւ 2-0 արդիւնքով, մինչ Ալաշկերտ` 3-0 արդիւնքով:
Հայկական երկու խումբերն ալ ցարդ յոյս ունին հասնելու յաջորդ հանգրուանին:
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան իրաւարարներուն, Շիրակ – «ԱԻՔ» մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ հունգարացի Սանտրօ Ժապօ:
Իսկ Ալաշկերտ – Քայրաթ մրցումին իրաւարարն է Ժոաօ Քափելա (Փորթուգալ):
«Աիք» – Շիրակ Երթի Մրցումին
Ընթացքին… Զեղծարարութի՞ւն
Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ շաբաթ մը առաջ (16 յուլիս) տեղի ունեցաւ «ԱԻՔ» – Շիրակ մրցումը, որ կ՛իյնայ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ: Մրցումը աւարտեցաւ Շիրակի պարտութեամբ` 2-0 արդիւնքով:
Օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Վլատիմիր Վնուք, Գիւմրիի խումբին 3 մարզիկներուն կարմիր քարտ տուաւ, ինչպէս նաեւ դաշտին տիրոջ շնորհեց 2 փենալթի:
Անդրադառնալով այս մրցումին` Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի կարգապահական կոմիտէի անդամ Անտրէյ Սոզին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին ուշադրութեան յանձնած է այս մրցումին վերաբերեալ իր նկատողութիւնները:
««ԱԻՔ»-ի եւ Շիրակի զաւեշտալի մրցումով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն արդեօք չի՞ փափաքիր զբաղիլ: 32 վայրկեանի ընթացքին հիւր խումբը ստացած է 8 դեղին քարտ, իսկ անիկա մրցումը աւարտած է 8 ֆութպոլիստով:
Բացի ատկէ, դաշտին տէրը փենալթիներով նշանակած է 2 կոլ, եւ հայերը 2-0 արդիւնքով պարտուած են: Թէ ո՛վ թերի աշխատած է, ատիկա թող քննէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն, Սոզինի խօսքերը կը մէջբերէ ArmSport.am կայքը` օգտագործելով Championat.com-ի հրապարակած լուրը: