Չորեքշաբթի, 22 յուլիսի յետմիջօրէին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Վերտան, Պէյրութ) տեղի ունեցաւ լիբանանեան ֆութպոլի 2015-2016 տարեշրջանի տարբեր տեսակի մրցաշարքերուն, ախոյեանութիւններուն, ինչպէս նաեւ 2014-2015 տարեշրջանի պիչ-ֆութպոլի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, այսինքն` թէ ո՛ր խումբը որուն դէմ պիտի մրցի:
Ինչ կը վերաբերի մրցումներուն ժամանակներուն եւ դաշտերուն ճշդումին, այդ ժամանակացոյցը պիտի հրապարակուի ֆետերասիոնին յաջորդ ժողովէն ետք:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին, տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Հիլալ Հարեթ Նաամէի դէմ:
Ստորեւ` վիճակաձգութիւններուն արդիւնքները.
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
Ռասինկ – Սաֆա
Շապապ Ղազիէ – Սալամ Զղարթա
Իժթիմահի – Սաժես
Նեպի Շիթ – Ահտ
Անսար – Թրիփոլի
Նըժմէ – Շապապ Սահել
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
Ահլի Նապաթիէ – Ամալ Մաարաքէ
Շեպիպեթ Մազրաա – Թատամոն Սուր
Ախա Ահլի Ալէյ – Ահլի Սայտա
Ռիատա Ուալ Ատապ – Ումմալ Թրիփոլի
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Մապարրա
ՀՄԸՄ – Հիլալ Հարեթ Նաամէ