
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am հաղորդեց, որ Պարսելոնայի մէջ աւարտած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին սքանչելի ներկայացումներ ունեցաւ երեւանցի միջազգային վարպետ Տիգրան Ս. Պետրոսեան, որ գրաւեց 4-րդ դիրքը:
Այս մրցաշարքին աւարտէն ետք յայտնի դարձաւ այն իրողութիւնը, որ ան ամբողջացուց կրանտմասթըրի 2-րդ չափանիշը:


