Ռէալ Մատրիտի նախկին խմբապետ Մանոլօ Սանչիս յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով պաշտպանեց սպանացի բերդապահ Իքեր Քասիասը:
Ան պատասխանեց արքայական ակումբի նախկին մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյին, որ այժմ Չելսիի մարզիչն է:
Փորթուգալցի մասնագէտ Մուրինիօ նշած է, որ իրեն զարմացուցած է երկրին մէջ ստեղծուած վիճակը, ինչ կը վերաբերի Փորթոյի նոր մարզիկին` Քասիասին տարեկան 3.5 միլիոն եւրօ աշխատավարձ վճարելուն:
«Հետաքրքրական էր հետեւիլ Մուրինիոյի աշխատանքին` Ռէալ Մատրիտի հետ, հակառակ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող բարդ վիճակին», ըսած է Սանչիս: