Պրազիլցի ֆութպոլիստ Ֆելիփէ Լուիս, որ 2014-ի ամրան փոխան 20 միլիոն եւրոյի Աթլեթիքօ Մատրիտէն տեղափոխուեցաւ Չելսի, վերադարձաւ իր նախկին ակումբին, յայտնեց Աթլեթիքոյի պաշտօնական կայքը:
Մատրիտեան ակումբը 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց 29 տարեկան ֆութպոլիստին հետ:
Անոր փոխանցման գումարին շուրջ ճշգրիտ յայտարարութիւն մը չկատարուեցաւ, սակայն կը կարծուի, որ լոնտոնեան ակումբը ստացաւ 16 միլիոն եւրօ: